2011-07-07 13:36:56

Քահանայապետական ամառանոցի մէջ` աղօթքի, ընթերցումի, գրութեան ու հանգիստի պահեր։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հինգշաբթի առաւօտ մեկնեցաւ քահանայապետական ամառանոցը, որ կը գտնուի Հռոմէն 25 քլմթ. հերաւորութեան վրայ, Գասթել Կանտոլֆօ կոչուած գիւղաքաղաքը։ Քահանայապետական ամառանոցը ունի 55 հեկտար տարածութիւն, որուն մեծ մասը նուիրուած է հողագործութեան ու բուծումի։
Աստուածածնայ Վերախոխման տօնը, 15 օգոստոսին, Սրբազան Քահանայապետին համար միակ առիթն է դուրս գալու քահանայապետական ամառանոցէն ու պատարագ մատուցանելու ս. Թովմաս եկեղեցւոյ մէջ։ իր կեցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր ժամանակին մեծ մասը կը նուիրէ ընթերցումի ու գրութեան շարունակելու համար ''Յիսուս Նազովրեդցի'' գիրգին երրորդ հատորը, որ նուիրուած է Յիսուսի ծննդեան պատրաստութեան, Անոր աշխարհ գալուստեան ու Անոր մանկութեան։ Քահանայապետը ամառանոց իր կեցութենէն պիտի օգտուի պատրաստուելու երիտասարդութեան համաշխարհային 26-րդ օրուան որ տեղի պիսի ունենայ 18-21 օգոստոս Սպանիայի մայրաքաղաք` Մատրիտի մէջ։ Իսկ 22-25 սեպտեմբեր Սրբազան Քահանայապետը Գասդել Կանտոլֆոյէն պիտի հեռանայ ու 3-րդ անգամուան համար պիտի այցելէ իր հայրենիքը ։
Գասթել Կանտոլֆօյի մէջ ապա, 27 եւ 28 օգոստոսին, Նորին Սրբութիւնը, իր սովորութեան համաձայն, պիտի ընդունի ''Ռացինկերի սաները'', իր նախկին համալսարանական ուսանողները ։ Հանդիպումին նիւթն պիտի ըլլայ <<նոր աւետարանութիւնը>>։
30 յուլիսին Գերմանիոյ Պավարիա մարզի Թրաուշթայն քաղաքը Սրբազան Պապին պատւոյն համերգ մը պիտի սարքէ անոր քահանայական 60ամեակին առթիւ։ Յայտնենք թէ Սրբազան Հայրը իր մանկութիւնը անցուցած էր Աւստրիայ սահմանակից Թրաուշթայն փոքր քաղաքին մէջ, ինչպէս նաեւ 1939-1943 ապրեցաւ Թրաուշթայնի փոքր նորընծայարանին մէջ, որ մօտ էր Սալզպուրկի։
Ամառնային շրջանին նախատեսուած է քաղաքական մէկ հանդիպում` Մալեզիայի նախարարապետին հետ` 18 յուլիսին։
Մինչ ուրիշ յաճախակի հանդիպումներ տեղի կ՛ունենան Ս. Աթոռի պետական քարտուղար Կարտինալ Պերթոնէի ու Սրբազան Քահանայապետին մէջեւ։ Նշենաք Թէ Կարտինալ Պերթոնէն եւս, այս շրջանին, քահանայապետական ամառանոց կը բնակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.